ԱՅՍ ՃԱՄԲԱՆ

Կը քալենք անշնչելի նկուղէն,

Քայքայուած՝ տասնամեայ պատերազմէն,

Խաղաղութեան փարոսին որոնումով.

Մաʹրդկօրէն ապրելու տեսիլքով:

Բայց ժամանակը կ’ընթանայ անխնայ,

Մինչ մենք նոյն տեղն ենք կանգնած...

Կը զոհենք մեր կեանքէն, ոչինչ շահած,

Ոչինչ կը թողունք մեր ետին՝ իւրացուած...:

Ու կը դաւանինք յառաջդիմութիւն,

Տիեզերքի վրայ տիրապետութիւն...

Բայց մեր ճամբան կը քալէ հազարներու

Դիակներուն վրայէն՝ ողջակիզուած...:

Ու դեռ, կը զգենունք մարդկայնութիւն,

Աստուածային պատկերով բնութիւն...

Մինչ մեր խիղճը, վաղուց վաճառքի հանուած,

Իր աստուածները կը շինէ պղծուած...

Այս ճամբան կը տանի

Մեր ինքնակամ կործանումին անկասկած...:

1985