Ա՛ՅՆ, ԻՆՉ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԶԻ

Մինչ տարիները կը ջնջեն ոտնահետքերը մեր

Աւազին վրայ ու քարին,

Աղօտ յուշերն ալ հետզհետէ կը մարին,

Ու մենք կերթանք տարտամ լոյսին...

 

Ա՜յն, ինչ տրուեցաւ մեզի

Այս կեանքին մէջ ու մեր բախտին,

Գալարուեցան  արեւու շողերուն տակ

Անյո՜ւշ, անհաւասար,

Սրբեցին աղի կոտտումներն ալ, վէրքերը

Մեր մորմոքող հոգիին,

Մեր հեծեծանքներն ու խենթ յոյզերը անհամար։

 

Ա՜յն, ինչ տրուեցաւ մեզի,

Հիմա հերթով կանցնի ուրիշին,

Իսկ ո՞վ պիտի գրէ

Պատմութի՜ւնը մեր ժամանակի,

Տառապեալ հոգիներուն

Վիշտն ու կարօտը ո՞վ գրէ պիտի։

 

Օրերն անցան սրընթաց,

Փախչող ասուպի նման,

Ո՞վ կարդաց էջերը ալեխռով մատեանին,

Հրաշքները, զոր գործուեցան,

Ո՞վ պատմէ պիտի անփոյթ սոխակին,

 

Երբ աւազներուն մէջ մեր սրտին

Զեղումները խամրին ու փոշիանան։

 

Երբ Հրատի հրեղէն մայրամուտին նման

Մելամաղձոտ աչքերս յառին անյայտ գալիքին,

Ո՞վ պիտի երգէ մարմրող աստղին

Հեքիաթն իմ մռա՜յլ, բայց յիշարժան։


2021