ԱՅԼ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՏԱԿ
Իրօք, եթէ ծնած ըլլայի երանելի այլ աստղերու տակ,
Անուանս չկպչէր ածանցն այս դաժան, խաչը՝ իմ ճանապարհի,
Գուցէ հիմա ցոփ ու երջանիկ մարդ ինձ համարէի,
Կամ երկնաքերի մը անհպելի վերջին բնակիչն ըլլայի։
Իրօք, եթէ ծնած չըլլայի այս խռովալի երկրին մէջ,
Ուր մարդը զոհն է միշտ մեծերու խարդաւանքին,
Օ՜հ, եթէ Արարատը չըլլար կիզակէտը մեր երթին,
Գուցէ խոհ ու տագնապ պիտի չըլլային մերձ ինծի։
Ա՜խ, եթէ ծնած ըլլայի այլ երկնքի տակ խաղաղ ու հեշտագին,
Ուր թարմ մարգագետինները հորիզոն են կանաչապատ,
Ուռիները՝ հովոց, ամրան տապին ու խոնջէնքին, հաշտ,
Գուցէ ապրէի անփոյթ արագիլին նման՝ ազա՜տ ու երանելի։
Օ՜հ, եթէ ծնած ըլլայի կապտաւուն այլ աստղերու տակ,
Գուցէ օտարական չզգայի ու չըլլայի բնաւ...
2021