ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՂ ՀԱՅԵԼԻՆԵՐ
Ո՛չ միայն ես, այլեւ
Աշխա՜րհն է խելագարած...
Երբ հայելիին դիմաց կանգնած՝
Մենք մեզ խոհուն գիտնական
Կամ սրբակենցաղ վանական կը տեսնենք,
Չենք ուզեր տեսնել, թէ հայելիին մէջ մենք չենք,
Այլ խաբկանքն է կանգնած հոն,
Որ այս աշխարհի բախտին ու շալակին նստած՝
Մեզ գովերգող շրջապատին բեմադրուող կեղծիքն ենք։
Աշխա՜րհ, հարթակ մը միջակութեանց,
Ուր ոչնչութիւնը կը դառնայ տիրակալ,
Հայելիին մէջ, եւ ո՛չ միայն...։
Ո՞րն է ցաւալի ու գռեհիկ նոյնժամ՝
Խելագարին ծիծաղ առթող ցաբռտո՞ւքը յիմար,
Թէ՞ գոռոզին զառանցանքը հայելիին դիմաց։
Մի՞թէ տխրահռչակ հերոսները պատմութեան
Խենթե՜ր չէին, կամ վիժուածքներ սնափառ.
Ի՞նչն է տարբեր մեր օրերուն ապիկար,
Երբ ազգեր կը շիջին,
Երկիրներ կը կործանին՝
Այլակերպող հայելիներուն դիմաց։
2020