ԱՅԴ ԻՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ
Ահաւոր բան մը այնտեղ
կը կատարուի մութիւն մէջ...
Վահան Թէքէեան
Ահաւոր բան մը պատահեցաւ գիշերին մէջ...
Չարաբաստիկ այդ պահուն,
Պումերանկի մը նման,
Ահարկու աղէտ մը պայթեցաւ
Ու խորտակեց յաղթանակող ոգին հայուն...
Մենք զոհն էինք մեծ դաւադրութեան,
Տարիներու լկտի անփութութեան,
Զոհն էինք մեր յոխորտացող ճառերուն,
Սուտին ու ներքին պառակտումներուն.
Մենք զոհն էինք միշտ ինքնաքանդումին։
Բայց տարօրինակ ազգ ենք, հրաշքներ ծնող,
Գիտենք պարտութիւնը վերածել երկունքի,
Մեր հոգւոյն կսկիծը՝ յարութեան շարականի,
Գիտենք ծառանա՜լ, արարե՛լ կրկին,
Սիզիփոսեան յամառ ճիգով բարձրանալ լեռն ի վեր,
Ու կերտել սխրանքներ հրաշալի...
2020