ԱՄՊԵՐԷՆ ՇԱՏ ՎԵՐ

Թռչէ´ ազա՜տ, ամպերէն վեր թխպոտ,

Թռչէ´ հպարտ, թեւերով առոյգ ու խրոխտ,

Թող ո´չ մէկ արգելք խոչընդոտէ սլացքդ կայծակի

Երբ դեռ հոգիդ է ժիր, թեւերդ՝ հզօր.

Մի´ նայիր վար, խաբկանքին գերի, հմայքներէ գերուած,

Թռչէ´ վեր, թող չդարպասեն քեզ ոսոխ թէ բարեկամ,

Նայէ´ վեր՝ աստղերուն, որոնք թախծոտ կը պլպլան,

Աւա՜ղ, ինչպէ՜ս տեսնէ հոգիդ ջինջ ու անդորր՝

Գեղեցիկ դիմակի ետին՝ վատին դէմքը ստոր,

Անարգ կեղեքումը չարին՝ ձիթենիի շիւղը ձեռքին…

Թռչէ´ անփոյթ ու ազա՜տ, երբ ուժեղ ես ու վճռակամ,

Մինչեւ յոգնիս սաւառնելէ ու դառնաս անզօր,

Թռչիս զարիվայր, հէ՜ք ծիծեռնակ, ու ըլլաս գերին

Դարանակալ քեզ սպասող նենգ որսորդին,

Յայնժամ, հեգնանքով պիտի դիմաւորես

ճակատագիրդ անողոք,

Խաբկանք ապրած չըլլալու անէ՜ծքը նաեւ:

Թռչէ´ խրոխտ ու սէգ, հէ՜ք ծիծեռնակ,

Սլացքդ կու տայ մեզի յոյս,

Թէ քեզ նման օր մը նաեւ մենք

Պիտի թռչինք դէպի վեր, ազա՜տ ու խրո´խտ…

2016

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 26-2016, էջ 28։