ԱՄԷՆ ԳԻՇԵՐ
Մոմերու երրորդութիւն մը սեղանիս վրայ.
Խոկումի պահն է, անդրանձական,
Միակ հաճելի պահը,
Մեղկ ու մերկ իմ առօրեային:
Յուշերթ են խոկումի այս պահերը առանձին,
Հարուստ դասերով յուռթի,
Անանուն տագնապներով առլցուն՝
Ապագային մատչող:
Գրեթէ ամէն գիշեր կրկնուող
Երկչոտ այս պահերը հոգեյոյզ
Կը նուիրեմ իմ սէրերուն,
Որոնք, դար մը յիշատակ,
Դար մը սխրանք տուին իմ կեանքին
Եւ կու տան տակաւին:
Կը նուիրեմ նաեւ ցեղիս բազմաչարչար,
Անոր ցաւերուն ու տարերքին,
Որոնց նաեւ բաժնեկից եմ ես։
Մոմերու երրորդութիւնը սեղանիս վրայ,
Կու տայ քիչ մը յոյս վաղուան հաշուոյն.
Այդ քիչ մը յոյսով կը փակեմ աչքերս խոնջած…
1989