ԱՂԷՏԸ
Եւ հասաւ արեւելքէն պատերազմ մը ահարկու
Կայծակի նման շանթահարեց դաշտերը ոսկի,
Հարուածեց բարձրերէն լեռ ու ձոր,
Խլեց բազում կեանքեր մատաղ սերունդի,
Անոնք ինկան բոցավառ երկնքին տակ։
Մեր ողբը մեր խաբկանքն էր մեր գերազանց ուժին,
Մեզ խաբեցին մեր այրերը մեր հաւատքի ու բազուկի ուժին,
Մեզ օրօրեցին ամբողջ պատերազմի ընթացքին, թէ
Հայոց բանակը հզօ՜ր կ’երթայ յաղթութեան։
Աւարտին
Զոհեցինք մատղաշ սերունդ մը, անբասիր,
Կորցրինք արժանապատուութիւն, յաղթողի միֆ,
Ինկանք դաշտին վրայ, խոշտանգուած ու պարտեալ։
Ու զոհուեցան արժէքներ բազում,
Արդարութի՜ւն, ազգերու իրաւո՜ւնք,
Մոլորեցնող արժէքներ կեղծ, հզօրին՝ խաղաթուղթ,
Դաշինք, բարեկամութիւն՝ սին խօսքեր ամուլ։
Հիմա բարոյալքուած ենք կարծես,
Սարքած խաղին զոհաբերուած երկի՜ր,
Պիտի հաւաքենք մեր փշրանքները ու կանգնինք ոտքի,
Նայինք առաջ, թէկուզ քայքայուած, գալիքի՛ն,
Ծառանանք կրկին, փիւնիկին նման,
Ճահիճներէն ու խանձոտ մոխիրներէն,
Աղէտն այս վերածենք երկունքի,
Ապրինք ու արարենք կրկին։
2020