ԱՂԵՐՍ

Մթագնած աշխարհ մը հոգիիս մէջ՝

Կեանք, արեւ ու երազ կ’աղերսէ,

Մահամերձին նման՝

Իր ճակատագրէն ըմբոստացած:

Հոգիս սիրատոչոր,

Միաժամանակ քարացած,

Կը տենչայ լուսնի շողը, մեղմապար.

Բայց ի զո՜ւր,

Անոր համր երգը կ’ունկնդրէ

Խաւար երկնքին մէջ ցրտահար:

Չկա´յ արեւ մահամերձին,

Չկայ քաղցրահնչիւն երգը լուսինին,

Մեր գոյութեան դժխեմ սա պահուն.

Անոնք կան մեր երազներուն մէջ միայն,

Խլուած ու արգելափակ,

Դաժան ճակատագրէն քմահաճ...

Իմ հոգին, զերդ հովիտը անհրապոյր,

Կը ցանկայ փարատումը աղջամուղջին

Ու ճառագայթումը կրկին

Կեանքին, արեւին ու երգին:

1988