ԱՂԵԿԷԶ ՃԻՉԵՐ
Լռել են արդէն երգերը հզօր,
Ու էլ չեն հնչում խօսքերը հպարտ.
Խաւարն է գերել մեր հոգին այսօր
Եւ լռութիւնը յաւէտ մահապարտ։
Վահան Տէրեան
Զայրոյթի կսկիծով, աւա՜ղ, կը մռնչեն լեռները հայրենի,
Բարբարոսներուն կրունկներուն տակ կքած,
Օ՜հ, լեռներ աղեկէզ, ըսէ՛ք՝ ձե՞ր ցաւն է աւելի դառնաղի,
Թէ՞ հոգի՜ն իմ խենթացած ու գրիչս՝ համր, ցնորած. -
Վիճակն այս դժխեմ, ճակատագիրն այս մռա՜յլ, անհեթե՛թ,
Արդա՞ր էր միթէ,
Երբ ժամանակի սլաքներն ապերախտ տարին ետ։
Գիշերներուն անայգաբաց կը լսեմ հոգեվարքի մահերգներ,
Բորբոք հողին մորմոքն է սիրտս կլանած այս գիշեր։
Օ՜հ, այնպէս խոցոտ են սպիներդ, աղեկէզ մօր կորուստին պէս,
Ու ինչքա՜ն ես քինոտ, տարբաժան ցեղիդ ցաւագար մոլուցքէն,
Ներէ՜ մեզ, բաւիղէն այս դժխեմ մենք պիտի գտնենք
Անկասկա՛ծ ելք ու գրկենք քեզ կրկի՜ն, ինչպէս կարօտակէզ
Մայրը իր պանդուխտ որդին, անառակ որդին ալ՝
Հա՛յրն իր գթաշարժ։
Օ՜հ, զայրոյթի կսկիծով կը մռնչէ հոգիս, դառնութեամբ պատանքուած...
Լեռնե՜ր աղեկէզ, ըսէ՛ք՝ ձե՞ր ցաւն է աւելի անողոք, կսկծալի,
Թէ՞ հոգի՜ն իմ մշտաբորբ ու գրիչս՝ համր ու ցնորած. -
Մահն աւելի դիւրին էր երեւի, քան կորուստն այս դառնաղէտ, ահալի...
2021