ԱՀԱԶԱՆԳ
Մինչ կը քանդենք արմատները մեր ծառին,
Հազար ու մէկ պատճառ չքմեղանք բռնած,
Իսկ անկումն այս գահավէժ
Կը մատուցենք իբր թաւշեայ սխրանք,
Մեր գոյութեան հիմքերը քամիներու լլկանքին յանձնած,
Ցաւալին, աւա՜ղ, համակերպումն է մեր
Դառն ու խոցելի այս իրականութեան,
Քառ լռութիւնն է համատարած,
Նահանջն է գահավէժ ու արագ
Դէպի անկում ամբողջական։
Ողբա՜մ քեզ, երկի՛ր իմ նախնեաց,
Ու ձեզ, այրեր կամշոտ, այլասերած,
Երբ դահիճն է դարձեր փրկարար,
Ու սուլթանին թաւիշը՝ հրապուրիչ ընտրանք,
Աշխարհն անգամ կանգած է շուար ու մոլար
Ձեր բեմադրած այս ստոր ողբերգութեան դիմաց։
Ուշքի եկէ՛ք, քանի դեռ ուշ չէ՜,
Երբ արմատները ծառին դեռ կը բաբախեն,
Կ’աղերսեն սէր, կամք ու իմաստութի՜ւն,
Մինչ փոթորիկները ժամանակի կը հարուածեն
Աջ ու ահեակ, դուք ձիթենիի ճիւղ բռնած՝
Տենդոտ նազանքով դահիճին գիրկ կ’երթաք
Դրախտի պատրանքին յափշտակութեամբ։
Ուշքի եկէք անհեթեթին տարփանքէն,
Քանի դեռ ուշ չէ՜...
2021