Ծնած է Պէյրութ, 1961 թուականին։
Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կիլիկեան Վարժարանէն, յաճախած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը։ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Հայկազեան Համալսարանի մէջ, հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւղին, զոր աւարտած է 1984-ին։ Նոյն մասնագիտութիւնը շարունակած է Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ, Քանատա։
Երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայց. Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազգային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորի գործունէութեան ու միջ-եկեղեցական շարժումին։ 1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ Համաժողովին, Քանպերայի մէջ, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դպրեվանքէն ներս դասաւանդած է ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։
Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տարիներուն։ 2003-ին, հրատարակած է ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ բանաստեղծութիւններու հատորը, ուր ամփոփուած է երիտասարդական շրջանին գրուած քերթուածներու փունջ մը։ 2008-ին, լոյս կը տեսնէ ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ բանաստեղծութիւններու հատորը, 2012ին, ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ հատորը։ Աշխատակցած է ‘’ԲԱԳԻՆ’’, ‘’ԿԱՄԱՐ’’ գրական պարբերաթերթերուն, ‘’ԱԶԴԱԿ’’, ‘’ԱՐԱՐԱՏ’’ եւ ‘’ԶԱՐԹՕՆՔ’’ օրաթերթերուն "ԱՐԾԻՒ" ամսաթերթին եւ ‘’ՆԱՅԻՐԻ’’ երկշաբաթաթերթին։ Գրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ 2018ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ բանաստեղծութիւններու զոյգ հատորները, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով։ 2023-ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ Գ. Հատորը, որ կը ներառէ վերջին տարիներու հեղինակին մեծամասնութեամբ անտիպ բանաստեղծութիւնները:
Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ՄԱՐԳԱՐԷՆ երկը, հեղինակին ծննդեան 100ամեակին առիթով։ 1986ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի ԵՐԿԵՐը, ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը։ 1988ին, հրատարակած է Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի հատորը, կրկին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ։
1998-էն մինչեւ Մարտ 2023 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դիւանապետի պաշտօնը։ Ամուսնացած է Իրմա Գապաքեանի հետ. ունին երեք զաւակներ՝ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։
Khatchig Dedeyan
khatchigdedeyan@yahoo.com